Իմ բարձրագընա՛ց լուսին,
շատ բարե՛ւ տար իմ կիւզելին:
-Զբարեւդ ես ի ո՞ւր տանեմ,
չեմ գիտեր ըզտունն կիւզելին:
-Գընա ի վերայ թաղին,
բարձըր պատ ու ծառն ի միջին.
Նըստեր ի ծառի շըքին,
կը խըմէ իր լուրջ ապիկին,
Խըմէ ու հայրէն կ’ասե.
թ’ «Ի՛նչ անուշ է սէրն ու գինին»: